Descargar la presentación
La descarga está en progreso. Por favor, espere
Publicada porEduardo Vargas Modificado hace 6 años
2
ԿՐԷՍԱ- ի Ծրագիր
3
GRESA ԿՐԷՍԱ-ն Մարդասիրական Օգնութիւն Բնական Աղէտներու Պարագային
4
«Մարդասիրական Օժանդակութիւն, Բնական Աղէտներու, կամ Մարդոց կողմէ Գործուած Աղէտներու Ծրագիր»ին հիմնական նպատակնէ, օժանդակել -ԿՐԷՍԱ – (սկզբնատառերը) “Առողջական Ստիպողական պարագաներու Պատասխանատու Խումբ” այն շրջաններու բնակիչներուն, որոնք խուճապի կը մատնուին եւ կը ցնցուին իբրեւ հետեւանք բնական աղէտներու, ինչպէս երկրաշարժ, ողողում, ուրական, փոթորիկ, մրրիկ, երաշտ, հրդեհ, եւլն. եւ կամ մարդու կողմէ գործուած աղէտներու պարագային. քարիւղի հոսում, քիմիական, շողարձակող նիւթեր, եւլն.: Թերեւս եթէ քիչ մը ինքզինք խնամէր, աւելի հրապուրիչ տեսք մը կ'ունենար:
6
ԿՐԷՍԱ-ն տիեզերական միջտիսիփլինական մարմին մընէ, որ կազմուած է մասնագէտ բժիշկներէ եւ բժշկական օգնականներէ, որոնք մասնագիտացած են Առողջական շտապ պարագաներու եւ աղէտներու մարզին մէջ, եւ կ'օգնեն աղետեալներուն: Նաեւ կը մասնակցին ճարտարագէտներ, երկրաբաններ, բնապահպանումի մասնագէտներ, որոնք կը ջանան նուազագոյնի իջեցնել աղէտին պատճառած վնասները:
7
Ասոր կողքին կը հայթայթուին պէտք եղած նիւթերը եւ առարկաները, թեքնիք ցուցմունքներ կը տրուին մարդոց, աւելի արագ դարմանելու կամ նորոգելու համար աղէտին պատճառած աւերները: Մասնագէտներու օժանդակութիւնը եւ նիւթական օգնութիւնը, կը փորձեն որոշ չափով մեղմացնել, կամ նուազագոյնի իջեցնել աղէտին հետեւանքները, զոր կարելի է կոչել «Յաջորդող Օրը »
8
Աւելի գործնական ըլլալու համար, ԿՐԷՍԱ-ն Արժանթինի իր խարիսխէն զատ պիտի ունենայ 39 հատ եւս տարբեր երկիրներու եւ կղզիներու մէջ: Այս խարիսխները չորս տարբեր դասակարգերու կը պատկանին. Խարիսխ Ալֆա եւ Պէթա, Խարիսխ 1 եւ 2: Թէեւ 1եւ 2 խարիսխներուն անձնակազմը աւելի սահամանափակ է, բայց կազմուած է աւելի շտապ եւ աղէտի առաջին վայրկեաններուն իսկ, անմիջական օգնութեան հասնելու եւ միջոցները արճեցնելու համար, մինչեւ որ հասնի ԿՐԷՍԱի առաջին կարգիԱլֆա խարիսխը:
9
ԿՐԷՍԱ- ի Օրկանիկրամա- Գործող Խարիսխներ
Գործադիր Խորհուրդ ԿՐԷՍԱ (GRESA) Գործողութիւններու Խումբ ԿՐԷՍԱ (GRESA) Կազմակերպական Կառոյց ԿՐԷՍԱ (GRESA) Խարիսխ Ալֆա (1) Խարիսխներ Պէթա (6) Խարիսխներ 1 (4) Խարիսխներ 2 (10)
10
Համադրողներ եւ Հովանաւորներ Բնական Աղէտներու Մարդասիրական Օգնութեան Ծրագրի համադրող մարմինը պիտի ըլլայ Բնապահպանումի Կենսոլորտային Հիմնարկութիւնը MAE: Այս հիմնարկութիւնը կարիք պիտի ունենայ ամէն ձեւի օժանդակութեան եւ հովանաւորութեան՝ տարբեր բնոյթի հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու, ազգային, միջազգային, պաշտօնական, անհատական ձեռնարկութիւններու, ոչ կառավարական մարմիններու, անհատներու եւ իրաւաբանական մասնագէտներու կողմէ, կարենալ իրագործելու համար իր նպատակը:
11
Արժանթինի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը՝ Միջազգային Առեւտուրի եւ Պաշտամունքի պիտի ըլլայ պատասխանատուն իր դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն միջոցաւ, այլ գործերու շարքին համադրել օգնութեան գործը այլ երկիրներու վարչապետներուն հետ: Միջազգային Կարմիր Խաչի եւ Կարմիր Կիսալուսնի Մարմինը. Անոնք պիտի հնչեցնեն ահազանգը բնական աղէտի մը պարագային եւ պիտի համադրեն աշխատանքը իրենց մասնաճիւղերուն իւրաքանչիւր երկրի մէջ,որպէսզի պատրաստ ըլլան ընդունելու ԿՐԷՍԱն իր բոլոր կազմով եւ սննդեղէնով կարենալ դիմագրաւելու համար աղէտին հետեւանքները, որոնք կը սպառնան մարդկային կեանքին եւ կենսոլորտին:
12
Արժանթինեան Օդուժը ինչպէս նաեւ տարբեր օդային ուժերու մէջ, ԿՐԷՍԱն- գործողութեան խարիսխ պիտի ունենայ, որպէսզի իր նշանակուած անձնակազմը յանձն առնէ գործերու համադրումը, օդաչուութիւնը, պահպանումը, եւ ապահովութիւնը բեռնատար օդանաւերու եւ ուղղաթիռներու:
13
Արժանթինեան Նաւատորմիղը,
ինչպէս նաեւ այլ նաւատորմիղներ ԿՐԷՍԱ –ն պիտի ունենայ իր ծովային եւ գետային գործունէութեան խարիսխները, ուր այս մարզին մէջ հմուտ անձնակազմ մը, յանձն պիտի առնէ համադրելու աշխատանքը նավավարութեան, պահպանումի, պատրաստ ունենալ հիւանդանոց - նաւակներ, առողջական -ուղղաթիռներ: Նաւային Ղեկավար Մարմին Իր մասնագիտացած անձնակազմը ծովային եւ գետային մարզին մէջ քարիւղի արտահոսքի կամ քիմիական տարրերու եւ շողարձակող մարմիններու պարագային կարենայ միջամտել, որպէսզի առաջքը առնէ հաւանական աղէտի մը:
15
Թէեւ միջազգային օգնութիւնը անմիջապէս կ'արձագանգէ աղէտի մը պարագային, մասնաւորաբար աղքատ երկիրներուն մէջ, սակայն մեր նպատակն է, հասնիլ աղէտին վայրը առաւելագոյն 24էն մինչեւ 48 ժամուան ընթացքին, ոչ սովորական օգնութեան միջոցներով:
16
Իրեղէններ Յանձնուելու համար Աղետեալներուն - Վրաններ իւրաքանչիւր ընտանիքի մէկ հատ (10հոգիի համար): - Իւրաքանչիւր անձի ներքնակ մը եւ բարձ մը: - Վերմակներ վայրին եւ եղանակին յարմար: - Սաւաններ, բարձի երեսներ: - Մարմնի մաքրութեան եւ խնամքի յատուկ իրեր: - Լոգանքի յատուկ ցնցուղներ (ducha): - Քիմիական լուացարաններ:
17
Առարկաներ Առողջապահական Կեդրոններու համար - Բժշկական սարքեր արտակարգ պարագաներու համար: - Շարժական հիւանդանոցներ, վիրահատումի յամարութեամբ օժտուած: - Առողջապահական յատուկ վրաններ հիւանդներու համար: - Մահիճներ, անկողին եւ բարձ: - Ծածկոցներ, վերմակներ տեղին եւ եղանակին յարմար: - Սաւաններ, բարձի երեսներ ալերժիի դէմ: - Դեղեր, պատուաստներ, ախտահանիչ, շիճուկներ: - Ներարկիչ, ասեղ, վիրակապ, բամպակ,նշդրակ, (բոլորն ալ մէկ անգամ օգագործելու համար) descartable: - Լոգանքի յատուկ սարքեր իր բոլոր բաղադրիչներով, ջուր տաքցնող սարքեր - Քիմիական պէտքարաններ, լուացարաններ:
18
Իրեր Ապաստանեալներու Կեդրոններուն համար - Խոհանոց իր բոլոր յարակից սարքերով: - Պահածոյ սննդեղէնի տուփեր: - Խոհանոցի սպասներ ուտելիքը բաժնելու համար: - Յատուկ սարքեր ջուրը ըմպելի դարձնելու համար: - Յատուկ սարքեր ջուրը տոպրակներու մէջ պահելու համար: - Ելեքտրական հոսանք յառաջացնող գործիքներ: - Վրանները լուսաւորելու համար ելեքտրական սիսթեմներ, սարքեր: - Սարքեր պաղ վիճակի մէջ պահելու համար դեղօրայք եւ սննդեղէն: - Մասնաւոր պահեստներ տարբեր ձեւի աղբերու համար - Յատուկ տոպրակներ դիակներու համար:
19
ԿՐԷՍԱ խումբը պատրաստուած է առողջական որեւէ ստիպողական վիճակի պարագային անմիջապէս փութալու. վիրահատում, քլինիքային, համաճարակ, հոգեբանական եւլն. դարմանումերու համար: Ինչպէս նաեւ կենսոլորտային, հականեխում, մաքրութիւն եւլ: Իր օգնութիւնը կ'ըլլայ արագ եւ անմիջական. միայն կախում ունի թռիչքի արտօնութիւն ստանալու ժամանակամիջոցէն եւ թէ որքան արագ կ'արձագանգեն օգնութեան մարմիններ զօրահաւաքին:
20
Թէեւ ԿՐԷՍԱ-ի ամբողջ անձնակազմը կախեալ է Կենսոլորտի եւ Բնապահպանումի Հիմնարկութենէն MAE եւ Գործադիր Յանձնախումբէն, սակայն աղէտներու պարագային, տեղւոյն իշխանութիւններու տրամադրութեան տակ պիտի գտնուի, ինչպէս նաեւ Միջազգային Կարմիր Խաչի եւ Կարմիր Կիսալուսնի Միացեալ Մարմնին, որպէսզի կարենան համադրուած կերպով աշխատիլ եւ օգտուին իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող ամէն ձեւի միջոցներէն:
21
Կենսոլորտի պահպանման մասնագիտացած խումբը անմիջապէս կը սկսի իր աշխատանքներուն, երբ ձեռք բերէ լիազօրագիրը. Այս ձեւով նուազագոյնի կ'իջնէ աղէտին պատճառած աւերը կամ սահմանափակ ծաւալի մէջ կը մնայ: Այդ խումբը կ'ուղեւորուի ԿՐԷՍԱ-ի անձնակազմին հետ Արժանթինեան Օդուժի ինքնաթիռով եւ օդաչուով, կամ այլ երկիրներու Օդային օւժերու հետ, ուր ԿՐԷՍԱ- խարիսխներ ունի:
23
ԾՐԱԳԻՐ՝ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԲՆԱԿԱՆ ԱՂԷՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ – խումբին եւ իր գործող մարմիններուն նպատակն է արագ կերպով լուծել հետեւանքները աղէտներուն, որոնք հետզհետէ աւելի յաճախակի եւ աւելի սաստիկ կը դառնան. իբր հետեւանք կլիմայի ջերմացման եւ նաեւ մարդուն ձեռքով գործուած արարքներուն, որոնք մեծ եւ անդարմանելի վնաս կը պատճառեն բնութեան:
24
«Յաջորդող Օրը» ըսելով կ'ակնարկենք նուազագոյնի իջեցնել օդի ապականութիւնները, վարակիչ հիւանդութիւնները, նեխումները, որոնք կը յառաջանան տարրական սպասարկութեանց չգոյութեան հետեւանքով. ինչպէս ելեքտրականութիւն, կազ, ջուր, կոյուղի, ճամբայ, հաղորդակցութեան միջոցներ, օդակայանի եւ նաւահանգիստի փակում եւլն:
25
Մարդոց բնախօսական պէտքերը, առողջապահական պայմաններու չգոյութիւնը, առաւել անկենդան մարմիններու, մարդոց եւ կենդանիներու դիակները, պատճառ կ'ըլլան աղէտի վայրի աշխատանքի կազմալուծման, քաոսային վիճակ ստեղծելով եւ աւերներ պատճառելով: Աղէտին պատճառած հոգեկան ընկճուածութիւնը մարդոց մօտ կը նուազեցնէ մարմնին դիմադրականութիւնը հիւանդութիւններու հանդէպ. մասնաւորաբար այն հիւանդութիւններուն, որոնք կը փոխանցուին բերնին միջոցաւ (ոչ ըմպելի ջուր խմել) կամ վարակիչ եւ անբւժելի հիւանդութիւններ, որոնք կը յառաջանան զանազան պատճառներով. օրինակ՝ երբ դիակները կը սկսին փտտիլ:
26
Մենք կը հաւատանք, թէ ոչ մէկ նիւթական ներդրում կամ ճիգ աւելորդ է մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար բնական աղէտի պարագային որեւէ տեղ որ պատահի: Այս ձեւով զարկ կուտանք գիտակցութեան, յանձնառութեան, պատասխանատուութեան զգացումին մարդոց մօտ եւ կը զօրացնենք Համերաշխութեան եւ Խաղաղութեան Ոգին:
27
Fundación Multimedios Ambiente Ecológico – MAE Buenos Aires - Argentina Սօսէ Հաճեան Թարգմանութիւն՝
Presentaciones similares
© 2025 SlidePlayer.es Inc.
All rights reserved.